2013-12-22 12:17:33

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի հրաւէրը` ''Սուրբ Կոյս Մարիամի եւ Սուրբ Յովսէփի ընկերակցութեամբ ընթանանք դէպի Բեթղեհէմ''։


Կիրակի 22 դեկտեմբերի կէսօրին, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի ընթացքին ներկայացուցած իր խորհրդածութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հրաւիրեց հաւատացեալները, առ ի պատրաստութիւն սուրբ Ծննդեան տօնին, ընթանալու դէպի Բեթղեհէմ մտաբերելով Սուրբ Կոյս Մարիամը` լի շնորհօք որ քաջութիւնը ունեցաւ ամբողջութեամբ վստահելու Աստուծոյ Խօսքին եւ Սուրբ Յովսէփը` հաւատարիմ ու արդար մարդը որ նախընտրեց ունկնդրել Տիրոջ ձայնը մէկդի դնելով մարդկային կասկածի ձայներն ու հպարտութիւնը։
Մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումը, քաղուած Մատթէոսի աւետարանէն ուր կը խօսուի Յիսուսի Ծնունդի մասին, Սրբազան Քահանայապետը շեշտը դրաւ Սուրբ Յովսէփ Աստուածահօր առաքինութեան, հեզութեան եւ Աստուծոյ կամքին հանդէպ անոր ցուցաբերած կոյր վստահութեան վրայ։ Այս աւետարանը մեզի ցոյց կու տայ Սուրբ Յովսէփի վեհանձն հոգին - ըսաւ Քահանայապետը - Սուրբ Յովսէփ չի հակառակեցաւ Աստուծոյ կամքին այլ հպատակեցաւ Անոր, հրաժարելով իր անձնական կեանքի ձգտումներէն ու հետեւելով Աստուծոյ` իրեն վերապահած ծրագիրին։
Խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը ողջոյնի խօսք մը ուղղեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած տասնեակ հազարաւոր իտալացի եւ օտարազգի ուխտաւորներուն որոնք Սուրբ Պետրոս ժամանած էին ունկնդրելու Ֆրաչիսկոս Քահանայապետի պատգամը Սուրբ Ծնունդի նախօրեակին։
Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը յատուկ կոչ մը ուղղեց կառավարիչներուն եւ բարի կամք ունեցող մարդոց մաղթանք յայտնելով որ ամէն մէկ ընտանիքի ապահովուի ''ընտանեկան օճախ մը'' որովհետեւ ըսաւ Քահանայապետը ''առանց տունի ընտանիք մը գոյութիւն չի կրնար ունենալ''։ Ան ապա խօսքը եզրափակեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի եւ եղբայրութեան, յոյսի ու արդարութեան Սուրբ Ծնունդ մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.